#%D5%A6%D5%A1%D6%80%D5%AF%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%AF

2022-05-29

Հիլտա Չոպոյեան. «Արցախեան հարցով Եւրոպական Միութիւնը միջնորդ չի կրնար դառնալ»

Ֆրանսահայ քաղաքական-հասարակական գործիչ Հիլտա Չոպոյեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Պրիւքսէլի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման մասին։ Ան այս առիթով յատկապէս անդրադարձաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ստանձնած միջնորդութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզ-Երեւան յարաբերութիւններուն։

The post Հիլտա Չոպոյեան. «Արցախեան հարցով Եւրոպական Միութիւնը միջնորդ չի կրնար դառնալ» appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #լրահոս

2022-05-25

Կայծ Մինասեան. «Երեւան Անգարայի հետ կը բանակցի յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ, ոչ՝ հաշտեցման»

Լրագրող, քաղաքագէտ, «Sciences Po»-ի դասախօս Կայծ Մինասեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Հարավային Կովկասի վրայ Ուքրանիոյ պատերազմի ազդեցութեան, Արցախի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան վերաբերող հարցերու մասին։

The post Կայծ Մինասեան. «Երեւան Անգարայի հետ կը բանակցի յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ, ոչ՝ հաշտեցման» appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #լրահոս

2022-05-17

Լիբանանը ընտրեց իր խորհրդարանը. զրոյց Շահան Գանտահարեանի հետ

«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց 15 մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին։ Ան այս առիթով հաստատեց, որ ընդհանուր համապատկերի իմաստով քայլ մը դէպի իրավիճակի փոփոխութիւն արձանագրուած է։

The post Լիբանանը ընտրեց իր խորհրդարանը. զրոյց Շահան Գանտահարեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#աշխարհ #զարկերակ #թոփ #լրահոս

2022-05-08

Զրոյց Լիբանանի ընտրութիւններու թեկնածու՝ Նարեկ Աբրահամեանի հետ

Լիբանանահայ զինուորական եւ համայնքային գործիչ՝ զօրավար Նարեկ Աբրահամեան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Զահլէի ընտրատարածքին մէջ։ Ան այս մասին զրուցեց «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ։

The post Զրոյց Լիբանանի ընտրութիւններու թեկնածու՝ Նարեկ Աբրահամեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#աշխարհ #զարկերակ #թոփ #լրահոս

2022-05-05

Լիբանանը խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին. զրոյց Ալեքսան Քէօշկէրեանի հետ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շրջանականերու հետ Հնչակեան կուսակցութեան ձեւաւորած կապերուն։

The post Լիբանանը խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին. զրոյց Ալեքսան Քէօշկէրեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#աշխարհ #զարկերակ #լրահոս #սփյուռք

2022-04-23

Ապրիլ քսանչորսեան ձեռնարկներ Թուրքիոյ մէջ. զրոյց Բագրատ Էսդուգեանի հետ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէնի բաժնի խնբագիր Բագրատ Էսդուգեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասին։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացքին վերաբերող որոշ հարցերու։

The post Ապրիլ քսանչորսեան ձեռնարկներ Թուրքիոյ մէջ. զրոյց Բագրատ Էսդուգեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#armeniangenocide100 #զարկերակ #թուրքիա #թոփ #լրահոս #տարածաշրջան

2022-04-21

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը ցանկագրուի. զրոյց փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան «Զարկերակի» հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց «The Armenian Cultural Heritage of Artsakh: Inventorying for Safeguarding» ծրագրին մասին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել նշեալ ծրագրի կայքը՝ <https://artsakh-heritage.aua.am/

The post Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը ցանկագրուի. զրոյց փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#արցախ #զարկերակ #թոփ #լրահոս

2022-04-19

Ներկայացնել թատերախաղեր բեմադրուած ընթերցման եղանակով. զրոյց Ժիրայր Չոլաքեանի հետ

«Նոր Յառաջ»-ի գլխաւոր խմբագիր, բեմադրիչ Ժիրայր Չոլաքեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց «Թեք Տեղ»ի «Անդրադարձ արեւմտահայ հեղինակներին» ծրագրի շրջանակին մէջ Երեւանի մէջ իր կողմէ համադրուած Յակոբ Օշականի «Անվերնագիր» թատերգութեան բեմադրուած ընթերցումին, «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի մէջ տեղի ունեցող արեւմտահայերէնով բեմադրութիւններուն մասին։ Ան նաեւ խօսեցաւ Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ Փարիզի մէջ գործող Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ «Յառաջ» կեդրոնի կողմէ արեւմտահայ թատերական արուեստանոց մը հիմնելու ծրագրին մասին։

The post Ներկայացնել թատերախաղեր բեմադրուած ընթերցման եղանակով. զրոյց Ժիրայր Չոլաքեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #լրահոս #հայաստան

2022-04-14

Լիբանանը երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին. զրոյց Սեւակ Յակոբեանի հետ

«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Լիբանանի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին։ Ան անդրադարձաւ յատկապէս հայ համայնքին առնչուող հարցերու։

The post Լիբանանը երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին. զրոյց Սեւակ Յակոբեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #լրահոս #սփյուռք

2022-04-12

Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան նպաստող գործիքներ. Վարդան Թաշճեանի հետ

Ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ սկսած է արեւմտահայերէն STT եւ TTS գործիքներու կառուցումը։ Ի՞նչ են այս գործիքները։ Ի՞նչ կարեւորութիւն կրնան ունենալ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան, օգտագործման եւ տարածման համար։ Այս մասին «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեան զրուցեց Ազգային հանրային նախաձեռնութեան արեւմտայերէն ծրագիրները համակարգող՝ Վարդան Թաշճեանի հետ։

The post Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան նպաստող գործիքներ. Վարդան Թաշճեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #լրահոս #հայաստան #սփյուռք

2022-03-29

Արհեստական բանականութիւնը ծանօթացնել Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցականներուն. զրոյց Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի հետ

«Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց յետպատերազմեան ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի արհեստագիտութեան ոլորտին վերաբերող հարցերու մասին։ Ան այս աոիթով անդրադարձաւ յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի վարժարաններուն մէջ «արհեստական բանականութիւն» խորագիրով դասընթացք մը ներդնելու իր ծրագրին։

The post Արհեստական բանականութիւնը ծանօթացնել Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցականներուն. զրոյց Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #հայաստան #տտևգիտություն #agbu #arami #arenkertechian #armenia039stechindustry #armeniandiaspora #armenianvirtualcollegeavc #hyeconnect #synopsysarmenia #westernarmenian #yearofdiaspora #yervantzorian #արամակաթողիկոս #արէնքերթեշեան #արհեստականբանականութիւն #երուանդզօրեան #հայաստանիարհեստագիտութեանոլորտ #հայկականհամացանցայինհամալսարան #հբըմ #սինոփսիս #սփիւռքիտարի #տեղեկատուականարհեստագիտութիւն

2022-03-02

Միջազգային հայագիտական առցանց մագիստրոսի ծրագիր. զրոյց փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոսի հետ

Ինալքոյի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց «Միջազգային Հայագիտական Մաստեր» (IMAS) ծրագրին մասին։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ նշեալ առցանց ծրագրի անհրաժեշտութեան ու նպատակին, ինչպէս նաեւ ընձեռնած հնարաւորութիւններուն ու ասպարէզի կարելիութիւններուն։

The post Միջազգային հայագիտական առցանց մագիստրոսի ծրագիր. զրոյց փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոսի հետ appeared first on CIVILNET.

#աշխարհ #զարկերակ #թոփ #իրավունք #հայաստան #anaiddonabediandemopoulos #arenkertechian #armeniandiaspora #armenianstudies #inalco #masterinternationalenetudesarméniennesimas #thearmenianstudiessectionofinalco #westernarmenian #անահիտտօնապետեանտէմոփուլոս #արեւմտահայերէն #արեւմտահայերէնիուսուցում #արէնքերթեշեան #ինալքոյիհայագիտականբաժանմունք #ինալքօ #հայագիտութիւն #միջազգայինհայագիտականմաստեր #սփիւռք

2022-02-14

Սուէտիոյ եւ Քեսապի բարբառները իբրեւ ապրող երեւոյթներ. զրոյց Յակոբ Չոլաքեանի հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող, Երեւանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի դասախօս Յակոբ Չոլաքեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Մուսա Լերան եւ Քեսապի բարբառներուն մասին։ Ան այս առիթով յատկապէս անդրադարձաւ նշեալ բարբառներուն առնչութիւններուն եւ տարբերութիւններուն։

The post Սուէտիոյ եւ Քեսապի բարբառները իբրեւ ապրող երեւոյթներ. զրոյց Յակոբ Չոլաքեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #մշակույթ #anjar #arenkertechian #armeniandialectofkessab #armeniandialectofmusaler #armeniandialects #armeniandiaspora #hagoptcholakian #kessab #musaler #vakef #westernarmenian #այնճար #արեւմտահայբարբառ #արեւմտահայերէն #արէնքերթեշեան #բարբառագիտութիւն #հայբարբառ #մուսալեռ #մուսալերանբարբառ #յակոբչոլաքեան #սուէտիոյհայութիւն #սփիւռք #վաքըֆ #քեսապ #քեսապահայ #քեսապիբարբառ

2022-01-23

Բագրատ Էսդուգեան. «Թուրքիոյ հասարակութիւնը պատրաստ է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն բնականոնացման»

«Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց Մոսկուայի մէջ յունուար 14-ին մեկնարկած հայ-թուրք երկխօսութեան մասին։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ ընթացող բանակցութիւններուն վերաբերեալ թրքական մամուլի արձագանքին, Թուրքիոյ հասարակութեան մօտեցման, ինչպէս նաեւ պոլսահայութեան տրամադրութեան։

The post Բագրատ Էսդուգեան. «Թուրքիոյ հասարակութիւնը պատրաստ է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն բնականոնացման» appeared first on CIVILNET.

#թուրքիա #թոփ #լրահոս #հասարակություն #ակօս #արէնքերթեշեան #արցախեանհակամարտութիւն #բագրատէսդուգդան #երեւանանգարա #զարկերակ #հայթուրքերկխօսութիւն #հայթրքականյարաբերութիւններ #հայթրքականսահման #պոլիս #պոլսահայութիւն

2021-12-01

Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան . «Աւելի գործնական լեզուի դարձնել արեւմտահայերէնը»

Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ուսմանց ծրագրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց իր մասնագիտական դաշտին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնին վերաբերող հարցերու մասին։

The post Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան . «Աւելի գործնական լեզուի դարձնել արեւմտահայերէնը» appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #լրահոս

2021-11-28

Հաւաքել բանաւոր պատմութիւններ արեւմտահայ աշխարհէն. զրոյց Նարօտ Ավճըի հետ

Խոհագիրներ, յիշողութիւններ, օրօրներ, բարբառներ,…«Բանաւոր պատմութիւն»-ի համահիմնադիր Նարօտ Ավճը «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ կը զրուցէ իր ու գործընկերոջ՝ Ռուտի Սայաթ Բուլաթեանի նախաձեռնած ծրագրին մասին։

The post Հաւաքել բանաւոր պատմութիւններ արեւմտահայ աշխարհէն. զրոյց Նարօտ Ավճըի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #լրահոս #մշակույթ

2021-11-23

Համահայկական ցանցը պէտք է վերակառուցուի. զրոյց Հրայր Ճէպէճեանի հետ

44 օրեայ պատերազմը ճեղքեր յառաջացուց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ։ «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Աստուածաշունչի ընկերութեան Պարսից ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար, գրող, հրապարակախօս դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան կը մատնանշէ այդ իրողութիւնները ու կ՛ընդգծէ ներփիւռքեան հասարակ յայտարար մը գտնելու եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը վերաշինելու անհրաժեշտութիւնը։

The post Համահայկական ցանցը պէտք է վերակառուցուի. զրոյց Հրայր Ճէպէճեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #լրահոս

2021-11-15

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը՝ անդունդի եզրին. զրոյց Արա Գօչունեանի հետ

28 հոկտեմբեր 2020-ի իր թիւով Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող ամենատարեց հայկական օրաթերթը՝ «Ժամանակ»-ը տեղեկացուց, որ հասած է անդունդի եզրին։ Այս ցաւոտ լուրին մասին «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեան զրուցեց «Ժամանակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։

The post Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը՝ անդունդի եզրին. զրոյց Արա Գօչունեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #լրահոս #արագօչունեան #արեւմտահայերէն #արէնքերթեշեան #դասականմամուլ #ժամանակ #հայմամուլ #պոլիս #պոլսահայմամուլ #պոլսահայութիւն #պոլսոյհայոցպատրիարքութիւն #սփիւռքահայմամուլ #տպագիրմամուլ

2021-10-22

Հալէպի հայ համայնքի կեանքը այսօր. զրոյց Զարմիկ Չիլափոշեան-Պողիկեանի հետ

«Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պողիկեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց հալէպահայութեան համայնքային կեանքին մասին։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ յատկապէս երիտասարդական մակարդակի վրայ հիմնական դժուարութիւններուն։

The post Հալէպի հայ համայնքի կեանքը այսօր. զրոյց Զարմիկ Չիլափոշեան-Պողիկեանի հետ appeared first on CIVILNET.

#զարկերակ #թոփ #լրահոս #aleppo #arenkertechian #armeniandiaspora #armeniansinaleppo #armeniansinsyria #kantsasarnewspaper #syrianwar #westernarmenian #zarmigchilaposhianboghikian #արեւմտահայերէն #արէնքերթեշեան #գանձասարշաբաթաթերթ #զարմիկչիլափոշեանպողիկեան #հայէպ #հայէպահայութիւն #սուրիոյհայութիւն #սուրիոյպատերազմ #սփիւռք

Client Info

Server: https://mastodon.social
Version: 2025.07
Repository: https://github.com/cyevgeniy/lmst